2013-11-15 10:57:49

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գործունէութիւնը` Եպիսկոպոսական Օծում Սուրբ Պետրոսի մէջ։


Ուրբաթ, 15 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը որուն ընթացքին Եպիսկոպոս կը ձեռնարդէ գերապայծառ Ֆէրնանտօ Վերկէզ` ''Քրիստոսի Լեկիոններ'' անուամբ միաբանութեան անդամ եւ Վատիկանի քաղաքապետարանի նորանշանակ ընդհանուր քարտուղար։
Գերապայծառ Վերկէզ ծնած է 1945-ի մարտ մէկին, քահանայ ձեռնադրուած է 26 նոյեմբեր 1969-ին եւ անցեալ 30 օգոստոս 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը զինք անուանած է` Վատիկանի քաղաքապետարանի ընդհանուր քարտուղար։

Վերոյիշեալ արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ նորօծ եպիսկոպոսին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ։

Յայտնենք որ այսօրուայ եպիսկոպոսական ձեռնարդրութիւնը Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած երրորդը կը հանդիսանայ, քահանայապետութեան սկիզբէն մինչեւ օրս, արդարեւ Ան անցեալ 24 հոկտեմբերին եպիսկոպոսական օծում շնորհած էր գերապայծառ Ժան Մարի Սբէյչին` Ղանայի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ եւ գերապայծառ Ճամբիէրօ Կլոտէրին` Եկեղեցական Քահանայապետական Կաճառին նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.